2013-06-04 14:25:21

''Հեթանոսներու Գաւիթ''ի Նոր Հանգրուանը` Յունիս 3-8։


Մարսիլիոյ մէջ` երկխօսութեան ու գաղափարներու փոխանակումի շաբաթ հաւատացեալներու եւ ոչ-հաւատացեալներու միջեւ։

Այս եկրորդ անգամն է որ ֆրանսայի մէջ տեղի կ'ունենայ ''Հեթանոսներու Գաւիթ'' կոչուած Սուրբ Աթոռի Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած` հաւատացեալներու եւ ոչ-հաւատացեալներու միջեւ երկխօսութիւնը։
Առաջինը` տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2011-ի մարտին։ Մարսիլիոյ հանդիպումին բնաբանն է ''Սրտերու Գաւիթ'', որուն կը մասնակցի Կարտինալ Ռավազի` նախագահը Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին։ Մարսիլիա քաղաքը, այս տարի` 2013-ին հռչակուած է Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք, այդ առթիւ կը կազմակերպէ կլոր սեղան մը ''մարդաբանութիւններ եւ կրօններ'' նիւթին մասին։
Նշենք որ Մարսիլիոյ բնակչութիւնը ամէն տարի 7 յունիսին` տօն Յիսուսի ս. Սրտին, հանդիսաւորապէս կը վերանորոգէ իր ուխտը հանդէպ Տիրոջ որ 1720-ին ազատած է քաղաքը մահաբեր համաճարակէն։ Ամէն դաւանանքի պատկանող քաղաքի բանկիչները, կը մասնակցին այս մեծ արարողութեան` ի յիշատակ այդ շրջանի կառավարիչներուն որ ուզած էին իրենց քաղաքը նուիրել Աստուծոյ ս. սրտի ողորմութեան ու գթութեան։
Յունիս 6-ին Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ռավազի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ''մարդաբանութիւններն ու կրօնները'' դասախօսութեան, որուն պիտի մասնակցին ֆրանսացի իմաստասէրներն ու գրողները։
Յայտնենք որ ''Հեթանոսներու Գաւիթ''ի այս հանգրուանը կազմակերպուած է Մարսիլիոյ թեմէն, Միջերկրականի կաթողիկէ հաստատութենէն եւ Վատիկանի քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդէն։
Աւելի տեղեկութիւններ ունենալու համար կարելի է բանալ հետեւեալ կայքէջը` http://parvisducoeur.fr/








All the contents on this site are copyrighted ©.